Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՏուրմ, քաքաոյի սերմերով պատրաստուած քաղցրաւենիք։ Կարելի է օգտագործել հեղուկ, պինդ կամ մածուկ վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ իբրեւ բուրումնաւէտ մթերք՝ զանազան տեսակի անուշեղէններու մէջ: Անիկա կը համարուի աշխարհի ամէնէն սիրուած քաղցրաւենիքներէն մին: Տուրմը պատմութեան ընթացքին պատրաստուած է իբրեւ խմիչք: Մեքսիքոյի Վերաքրուզ ծոցի ափին գտնուող Չէքքէք հնագիտական վայրին մէջ յայտնաբերուած տեղացի ժողովուրդներուն կողմէ պատրաստուած տուրմի մնացորդները կը վկայեն, որ տուրմի պատրաստման նախապատմութիւնը կը վերագրուի Ք.Ա. 1750 թուականին: Իսկ Մեքսիքոյի՝ Չիապասի խաղաղական ովկիանոսի ափին գտնուող Մոքայա հնագիտական վայրը կը վկայէ, որ քարանձաւային խմիչքները պատրաստուած են Ք.Ա. 1900 թուականէն առաջ: Ք.Ե. Է. դարուն, երբ Մայաներու քաղաքակրթութիւնը կը շարունակէր ծաղկիլ։ Ի յայտ կու գային նորանոր․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 12 154 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝