Հաւով ապուր
Հաւով ապուր | |
---|---|
| |
Ենթատեսակ | ապուր, սնունդ եւ հաւի միսով ուտեստ |
Հաւով ապուր, հաւէ պատրաստուող ջրալի ուտեստ է։ Կ՚եփոուի դանդաղ կրակի վրայ։ Արգանակին կարելի է աւելցնել հաւի միսէ փոքր կտորներ, բանջարեղէն, մաքարոնեղէն (լապշա), հատիկաւոր մշակաբոյսեր, ինչպէս՝ բրինձ կամ գարի եւ այլ բաղադրիչներ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որոշ ժամանակ առաջ կը կարծէին, որ հաւի արգանակը կազդուրող եւ առողջացնող է. այն խորհուրդ կու տային հիւանդներուն՝ ենթադրելով, որ ապուրները հեշտ կը մարսուին[1]։ Ք.Ա. առաջին դարուն յոյն բժիշկ Տիոսկորիտեսը, իր «De Materia Medica» դեղորայքային բաղադրատոմսերու հաւաքածոյին մէջ գրած է նաեւ հաւով ապուրի մասին[1]։ Աւիցեննան հաւի արգանակը կը համարէր հիւանդներու համար օգտակար[1], իսկ 12-րդ դարու եւրոպացի հոգեբան, աստուածաբան եւ բժիշկ Մայմոնիտը կը գրէ, որ հաւով ապուրը խորհուրդ կը տրուի որպէս առողջ սնունդ, ինչպէս նաեւ դեղանիւթ[1]։
Հաւով ապուրի դեղային յատկութեան համոզուածութիւնը մտաւ նաեւ արեւմտեան խոհարարութեան աւանդութիւններուն մէջ։ Մասնաւորապէս, հաւով ապուրը յատուկ ձեւով կապուած է եւրոպական խոհանոցի հետ։ Այսպէս, արեւելեան Եւրոպայի մէջ հրեաները հաւը կ՚եփէին Ուրբաթ, իսկ ստացուած արգանակով շաբաթ օրը ապուր կը պատրաստէին, որ այդ ժամանակ կ՚օգտագործուէր որպէս վերականգնող միջոց։ Ապուրի ժամանակակից անուանումներէն մէկը «հրեական Բենզիլպենիցիլին»-ն է[1]։
Հաւով ապուրի բաղադրատոմսը հրապարակուած է առաջին տպագրուած խոհարարական գիրքերուն մէջ, օրինակ, Փլատինի «De honesta voluptate et valetudine» գիրքը (1470)։ Յետագային, ապուրը վերսկսան պատրաստել 16-րդ դարէն[1]։
Առանձնայատկութիւն եւ բաղադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաձայն ժամանակակից ուսումնասիրութիւններուն՝ հաւի ապուրը կարող է ունենալ հանգստացուցիչ դեղամիջոցի եւ հակաբորբոքային ազդեցութիւն՝ մրսածութեան համար[2]։ Սակայն «Однако ни одно» իրականացուցած ուսումնասիրութիւնները մինչեւ վերջ չեն պարզած, իսկապէս կը փոխուի՞ արդիւնքը հաւով ապուրի օգտագործման պարագային, այն կարեւոր ազդեցութի՞ւն կ՚ունենայ մարդոց մրսածութեան հիւանդութիւններուն ախտանիշի պարագային[3]։
Կախուած պատրաստման եղանակէն՝ ապուրի քիմիական բաղադրութիւնը կարող է զգալիօրէն փոխուիլ[4]։ Բայց ապուրի բուժող յատկութիւնը գիտականօրէն ապացուցուած է։ Ապուրի բաղադրութեան մէջ մտնող սպիտակուցներն ու վիթամինները դրական ազդեցութիւն ունին պեպտիդներու առողջութեան վրայ[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Smith, 2003, էջ 367
- ↑ Taylor A.L. (հունվարի 8, 2012)։ «Soup: Why do we eat it when we're ill?» (անգլերեն)։ BBC։ արտագրուած է՝ 2016-05-16։ «…it can be soothing and anti-inflammatory for those with colds»
- ↑ Parker-Pope T. (հոկտեմբերի 12, 2007)։ «The Science of Chicken Soup» (անգլերեն)։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 2016-05-16
- ↑ «Chicken Soup» (անգլերեն)։ Կաղապար:Iw։ 2009։ արտագրուած է՝ 2016-05-16
- ↑ «Chicken Soup» (անգլերեն)։ Կաղապար:Iw։ 2009։ արտագրուած է՝ 2016-05-16
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- հավով ապուր Archived 2016-11-19 at the Wayback Machine.
- հավով եւ բրինձով ապուր