Մայքըլ Ֆարատայ
Մայքլ Ֆարատայ (անգլերէն՝ Michael Faraday, 22 Սեպտեմբեր 1791 - 25 Օգոստոս 1867), անգլիացի քիմիագէտ եւ բնագէտ, Լոնտոնեան թագաւորական միութեան (1824) եւ ուրիշ յառաջատար կազմակերպութիւններու անդամ, որոնց մէջ՝ Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ (1830)։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 22 Սեպտեմբեր 1791 թուականին Լոնտոնի արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Հայրը դարբին էր։ 13 տարեկանէն աշխատած է գրախանութի մը մէջ իբրեւ առաքիչ, այնուհետեւ տպարանի մը մէջ՝ իբրեւ աշկերտ։ Զբաղած է ինքնակրթութեամբ՝ կարդալով քիմիայի եւ ելեկտրականութեան մասին գիրքեր, ինչպէս նաեւ փորձարկումներ ընելով։
1813-ին պատուիրատուներէն մէկը Ֆարատային նուիրած է Թագաւորական հիմնարկի մէջ Համֆրի Տեւիի դասախօսութիւններուն մասնակցելու հրաւիրատոմս, որ վճռորոշ դեր խաղացած է անոր կեանքին մէջ։ Տեւիի շնորհիւ պալատական անձնակազմին մէջ ստացած է օգնականի պաշտօն։ 1813-1815 թուականներուն Դեվիի հետ շրջած է Եւրոպայի մէջ, այցելած շարք մը երկիրներու փորձարաններ։ 1824-ին Ֆարատայն ընտրուած է Թագաւորական ընկերութեան անդամ, 1825-ին դարձած է Թագաւորական ասոցիացիայի լաբորատորիայի տնօրէն։
Փորձերու արդիւնքին մէջ յայտնաբերուեցաւ ելեկտրոլիզի օրէնքը (Ֆարատայի օրէնքներ)։ 1830-ականներուն առաջարկած է դաշտի հասկացութիւնը, 1845 թուականին առաջին անգամ օգտագործած է «մագնիսական դաշտ» եզրը, իսկ 1852 թուականէն ձեւակերպած է դաշտի տեսութիւնը։
Անոր անունով կոչուած է իր փորձարկած գլանը, որով կարելի է չափել ելեկտրական լիցքը, իր անունն ստացած է նաեւ ֆիզիկական այն երեւոյթը, երբ կը կատարուի հաստատուն մագնիսական դաշտի ուժագիծերու երկայնքով նիւթին մէջ տարածուող ելեկտրամագնիսական ալիքի (օրինակ, գծայնօրէն բեւեռացուած լոյսի) բեւեռացման հարթութեան պտոյտ։
Մահացած է 25 Օգոստոսին 1867 թուականին։
Թագաւորական հիմնարկի գրադարան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]խօսութիւնները, որը ուղարկած էր անոր նամակի հետ միասին, խնդրանքով, որ աշխատանքի ընդունի անոր Թագաւորական հիմնարկը։ Այդ, ինչպէս ինքը՝ Ֆարատայը արտայայտեց, «խիզախ եւ միամիտ քայլը» որոշիչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր ճակատագրի վրայ։ Բրոֆէսորը, ինքն անցնելով ճանապարհը դեղագործի աշակերտէն մինչեւ լորդ, հիացած էր պատանի ծաւալուն աշխատանքով, բայց այդ պահուն հիմնարկի մէջ չկային թափուր աշխատատեղեր, եւ Մայքլի խնդրանքը կատարուած էր միայն մի քանի ամիս անց։ 1813 թ. սկիզբին Դեւին, որ հիմնարկին մէջ քիմիական գրադարանի տնօրէնն էր, հրաւիրեց 22 տարեկան պատանին Թագաւորական հիմնարկի գրադարանի ազատուած տեղ։
Ֆարատայի պարտականութիւններու մէջ կը մտնէին հիմնականին մէջ օգնութիւն բրոֆէսորներուն եւ հիմնարկիի մնացած դասախօսներուն դասախօսութեան պատրաստման հարցում, նիւթական արժեքներու հաշուառի մէջ եւ խնամք։ Բայց ան կը ջանար օգտագործել ցանկացած հնարաւորութիւն իր կրթութիւնը լրացնելու համար, եւ առաջին հերթին՝ ուշադիր կը լսէր բոլոր պատրաստած դասախօսութիւնները։ Միաժամանակ Ֆարատայը, Դեւիի բարեացակամ աջակցութեամբ, անց կացնէր սեփական քիմիական փորձերն իրեն հետաքրքրող հարցերով։ Իր աշխատանքային պարտականութիւնները Ֆարատայը կը կատարէր այնպէս ուշադիր եւ հմտօրէն, որ շուտով կը դառնայ Դեւի անփոխարինելի օգնականը։
1813 թ. աշնանը Ֆարատայը բրոֆէսորի եւ անոր կնոջ հետ, որպէս օգնական եւ քարտուղար, ուղեւորեց երկամեայ ճանապարհորդութեան դէպի Եւրոպայի գիտական կենդրոններ, քիչ առաջ պարտուած Նաբոլիոնէն։ Այս ճանապարհորդութիւնը Ֆարատայի համար մեծ նշանակութիւն ունեցաւ. Դեւիին, ինչպէս համաշխարհային մասշտաբով նշանաւոր անձնաւորութիւն, կը դիմաւորէին այդ ժամանակներու շատ աչքի ընկնող գիտնականներ, այդ թիւին մէջ՝ Անտրէ Ամպէրը, Միշէլ Շեւրոլը, Ժոզէֆ Լուի Գէյ-Լիւսակը եւ Ալեսսանտրո Վոլդան։ Անոնցմէ ոմանք ուշադրութիւն դարձրին փայլուն հնարաւորութիւններով երիտասարդ անգլիացին։
Ճանապարհ դէպի գիտութիւն (1815-1821)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1815 թ. մայիսին Արքայական հիմնարկի վերադառնալէն յետոյ Ֆարատայն կ'անցնի խտացուած աշխատանքի օգնականի նոր պաշտօնին մէջ, որուն ունէր բաւականին բարձր վարձատրութիւն՝ ամսական 30 շիլլինգ։ Ան շարունակեց ինքնորոյն գիտական հետազոտութիւնները, որոնցմով կը զբաղէր մինչ ուշ գիշէր։ Արդէն այս ժամանակ ի յայտ են եկած Ֆարատայի տարբերիչ հատկանիշները՝ աշխատասիրութիւնը, ձեւութիւնը, փորձերու կատարման մանրամասնութիւնը, ձգտումը թափանցել հետազոտուող խնդրի խորքը։ 19-րդ դարու առաջին կէսին ան կ'արժանանայ «փորձերու արքայի» համբավին։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ ան կը պահէր իր փորձերու կոկիկ գրադարան օրագրեր (հրատարակուած են 1931 թ.)։ Ելեկտրամագնիսականութեան թեմայով վերջին փորձը կը նշէ համապատասխան օրագրին մէջ 16041 համարով։ Ընդամէնն իր կեանքի ընթացքին մէջ Ֆարատայն անցկացրած է շուրջ 30000 փորձ[7]:
1816 թ. ի յայտ եկաւ Ֆարատայի առաջին տպագիր աշխատութիւնը (տոսկանական կրաքարի քիմիական բաղադրութեան վերլուծութեան մասին), յաջորդ 3 տարիներու ընթացքին մէջ հրապարակումներու քանակն անցաւ 40-ը, հիմնականին մէջ քիմիայի թեմայով։ կ'սկսի Ֆարատայի նամակագրութիւնը եւրոպական մեծ ֆիզիկոսներու ու քիմիագէտներու հետ։ 1820 թ. Ֆարատայն կ'անցկացնէ մի քանի փորձ նիկելու հաւելումներով պողպատի ձուլման վերաբերեալ։ Այս աշխատանքը համարվում է չժանգոտող պողպատի հայտնագործումը, որն այն ժամանակ չհետաքրքրեց մետաղագործներին[8]:
1821 թ. Ֆարատայի կեանքին մէջ տեղի ունեցան մի քանի կարեւոր իրադարձութիւններ։ Յուլիսին ան ամուսնացաւ 20 տարեկանին Սարա Պերնարտի հետ (անգլերէն՝ Sarah Barnard, 1800-1879), որ իր ընկերոջ քոյրն էր։ Ժամանակակիցներու խօսքերով ամուսնութիւնը երջանիկ էր, Մայքլն ու Սարան միասին ապրեցան 46 տարի։ Ամուսիններն կ'ապրէին Արքայական հիմնարկի վերի հարկին մէջ։ Քանի որ երեխայ չունէին, կը դաստիարակէին իրենց որբ մանկահասակ զարմուհի Ջէյնին. Ֆարատայը նաեւ միշտ հոգ կը տանէր իր մօր՝ Մարգարիտի, մասին (մահացաւ 1838 թ.)[9]։ Հիմնարկին մէջ Ֆարատայը ստացաւ Արքայական հիմնարկի շէնքի ու տարալուծարանի տեխնիկական տեսուչի (անգլերէն՝ Superintendent of the House) պաշտօնը։ Վերջապէս, անոր փորձնական հետազոտութիւնները սկսեցան անվերադարձ ուղղուիլ դէպի ֆիզիկան։ Ֆիզիկայի թեմայով մի քանի արժեքաւոր աշխատութիւններ, հրապարակուած 1821 թ., ցոյց տուին, որ Ֆարատայը բաւական կայացած է, որպէս խոշոր ֆիզիկոս։ Անոնցմէ ամէնակարեւորը կը համարուէր ելեկտրաշարժիչի յայտնագործման մասին հոդուածը, որմէ փաստօրէն կ'սկսի արդիւնաբերական ելեկտրատեխնիկան։
Ելեկտրաշարժիչի ստեղծումը․ գիտական հանրաճանաչութիւն (1821-1830)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1820 թուականէն Ֆարատային չափազանց հետաքրքրեց ելեկտրականութեան եւ մագնիսականութեան միջեւ կապերու հետազոտութեան խնդիրը։ Այդ ժամանակ արդէն գոյութիւն ունէր հիմնականին մէջ մշակուած ելեկտրոստատիկայի գիտութիւնը՝ շնորհիւ Կառլ Գաուսի եւ Ջորջ Գրինի ջանքերու։ 1800 թ. Ալեսանտրո Վոլդան բացայայտեց մշտական հոսանքի հզոր աղբիւր («վոլդի սիւն»), եւ արագօրէն սկսաւ զարգանալ նոր գիտութիւնը՝ ելեկտրոդինամիկան։ Միանգամէն ստեղծեցին երկու վաստակաւոր յայտնագործութիւնները՝ ելեկտրոլիզը (1800) եւ ելեկտրական աղեղը (1802)։
Սակայն կարեւոր իրադարձութիւնները սկսեցան 1820 թ., երբ Էրսդետը փորձով բացայայտեց մագնիսական սլաքի շեղումը հոսանքի աշխատանքի ժամանակ։ Ելեկտրականութիւնը եւ մագնիսականութիւնը կապող առաջին տեսութիւնները առաջ կը քաշեն Պիոն, Սաւարը՝ նոյն թուականին, եւ աւելի ուշ Լաբլասը (Պիո-Սաւարա-Լապլասի օրէնք), Անտրէ Մարի Ամպերը, սկսելով 1822 թուականէն, հրապարակեց ելեկտրոմագնիսականութեան իր տեսուչութիւնը, ըստ որու, երկարատեւ փոխազդեցութիւնը երկու հոսանքակիր հաղորդալարերի առաջնային երեւոյթն է։ Ամպերու բանաձեւը հոսանքակիր երկու լիցքերու փոխազդեցութեան մասին անցաւ դասագըրքերու մէջ։ Անոնցմէ բացի, Ամպերը բացայայտեց ելեկտրամագնիսը (սոլէնոիտ)։
Մի քանի փորձերէն յետոյ Ֆարատայը 1821 թուականին հրապարակեց տրակտատ «Մի քանի նոր ելեկտրոմագնիսներու աշխատանքի եւ մագնիսականութեան տեսութեան մասին», ուրտեղ ցոյց տուաւ, ինչպէս ստիպել մագնիսական սլաքին անընդհատ շեղել մագնիսական բեւեռներէն մէկուն շուրջը։ Էութեամբ այս կոնստրուկցիան իրենցմէ կը ներկայացնէր դեռեւս անավարտ, բայց լիովին հարմար ելեկտրաշարժիչ, առաջին անգամ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անընդհատ ելեկտրական զօրութիւնի փոխակերպին մէջ մեքանիկականի[10]: Ֆարատայի անունը կը դառնայ աշխարհով յայտնի։
1821 թուականի վերջին, որ Ֆարատայի համար ամբողջովին յաղթական էր, ծածկեց զրպարտանքը։ Յայտնի քիմեագետ եւ ֆիզիկոս Ուիլեամ Վոլլաստոնկոս Ուիլեամ Վոլլաստոնը բողոքեց Դեւիին, որ Ֆարատայի փորձը սլաքներու պտտման հետ իր վոլլաստոնեան գաղափարի (փորձնականօրէն երբեք չիրականացուած) գրագողութիւնն է։ Պատմութիւնը հրապարակային դարձաւ, եւ Ֆարատային պատճառեց ոչ պակաս տհաճութիւն։ Դեւին դարձաւ Վոլլաստոնի կողմնակից, իսկ Ֆարատայի հետ հարաբերութիւնները նկատելիօրէն վատթարացան։ Հոկտեմբերին Ֆարատայը հասաւ անհատական հանդիպման Վոլլաստոնի հետ, ուրտեղ պարզաբանեց իր դիրքը, եւ տեղի ունեցաւ հաշտութիւն։ Սակայն 1824 Յունուարին, երբ Ֆարատայը ընտրեց Լոնտոնի թագաւորական ընկերութեան անդամ, Դեւին՝ այդ ժամանակուայ թագաւորական հասարակութեան նախագահը, միակն էր, որ քուեարկեց դէմ[11] (Վոլլաստոնը քուեարկեց կողմ)[12]: Ֆարատայի եւ Դեւիի յարաբերութիւնները հետագային լաւացան, բայց կորցրին նախկին մտերմութիւնը, չնայած Դեւին կը սիրէր կրկնել, որ Ֆարատայի բոլոր յայտնագործութիւններէն ամենանշանակալիցը «Ֆարատայի բացայայտումն է»[13]:
Ֆարատայի գիտական գործունէութեան ընդունումը դարձաւ անոր ընտրուիլը Փարիզի գիտութիւններու ակադեմիա՝ որպէս թղթակից անդամ (1823)։ 1825 թուականին Դեւին որոշեց թողել Թագաւրական հիմնարկի տարալուծարանի ղեկավարումը եւ առաջարկեց Ֆարատային նշանակել ֆիզիքայի եւ քիմիայի տարալուծարաններու տնօրէն, որ շուտով իրականացաւ։ Դեւին մահացաւ շարունակական հիւանդութիւնէն 1829 թուականին։
Ելեկտրոմագնիսականութեան ֆարատայական ուսումնասիրութիւններու սկզբնական յաջողութիւններէն յետոյ սկսաւ տասամեայ դադարը, եւ մինչեւ 1831 թուականը ան գրեթէ չի հրապարակէր աշխատանքներ այդ թեմայով։ Փորձերը չէին տար ցանկալի արդիւնք, նոր պարտականութիւնները կը խանգարէին, հնարաւոր է նաեւ ազդեցութիւն թողեց 1821 թուականի տհաճ խայտառակութիւնը[14]:։
1830-ին Ֆարատայը ստացաւ բրոֆեսորական աստիճան՝ սկիզբին մէջ Թագաւորական ռազմական ակադեմիայումի մէջ (Վուլիջ), իսկ 1833 թուականին՝ նաեւ Թագաւորական հիմնարկութեան մէջ (քիմիայէն)։ Ան դասախօսութիւններ կարդացած է ոչ միայն Թագաւորական հիմնարկութեան մէջ, այլ նաեւ մի քանի այլ կազմակերպութիւններու մէջ եւ խմբակներու մէջ։ Ժամանակակիցները չափազանց բարձր գնահատած են Ֆարատայի դասավանդման հմտութիւնները, որոնք ունակ կը համատեղեն դիտողականութիւնը եւ հասանելիութիւնը՝ խորութեամբ քննելով առարկան[15]: Անոր յայտնի գիտական գլուխգործոցը երեխաներու համար՝ «Մոմի պատմութիւնը» (յայտնի դասախօսութիւններ, 1861) մինչ այսօր կը հրատարակէ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 J. T-l. Faraday, Michael // Dictionary of National Biography / L. Stephen, S. Lee — London: Smith, Elder & Co., 1885. — Vol. 18. — P. 190–202.
- ↑ 2,0 2,1 www.accademiadellescienze.it
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Гершун А. Л. Фарадей, Михаил // Энциклопедический словарь — СПб.: Брокгауз — Ефрон, 1902. — Т. XXXV. — С. 299–301.
- ↑ Notable Names Database — 2002.
- ↑ https://www.biodiversitylibrary.org/item/89120#page/227
- ↑ 6,0 6,1 6,2 Pas L. v. Genealogics — 2003.
- ↑ Ryan D. Tweney. Faraday’s notebooks: the active organization of creative science. In: Physics Education. Vol 26, № 5, Institute of Physics Publishing, 1991, p. 301-306
- ↑ «Մայքլ Ֆարատայի կենսագրութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-28
- ↑ Кудрявцев П. С., 1974, Том I, С. 438.
- ↑ Радовский М. И., 1936, էջ 48-49.
- ↑ Цейтлин З., 1939, էջ 292.
- ↑ Радовский М. И., 1936, էջ 54-57.
- ↑ Цейтлин З., 1939, էջ 294.
- ↑ Hamilton, James (2004). A Life of Discovery: Michael Faraday, Giant of the Scientific Revolution. New York: Random House. ISBN 1-4000-6016-8, pp. 165-171, 183, 187-190.
- ↑ Радовский М. И., 1936, էջ 70.
- ↑ Մայքլ Ֆարատայ
- ↑ Կենսագրութեան արխիւ. Մաքյլ Ֆարատայ