Տեղային Թմրութիւն Եւ Ասղնտոց
Տեղային թմրութիւնը (numbness) եւ ասղնտոցը (tingling) ոչ բնական զգայութիւններ են, որոնք կը պատահին մարմինի մակերեսի որեւէ մէկ մասին վրայ, բայց առաւելաբար՝ բազուկներուն, ձեռքերուն, սրունքներուն, ոտքերուն եւ դէմքին վրայ։ Տեղային թմրութիւն եւ ասղնտոց կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի խտրութեան, սակայն անոնք կը զարգանան ծերութեամբ: Մեզմէ շատեր ամէն օր կ՛ունենան այս փորձառութիւնը, մանաւանդ՝ որոշ դիրքով նստելու եւ քնանալու ընթացքին:
Զանազան զգայութիւններ (sensations) մարմինի մակերեսէն կը հասնին ուղեղ յատուկ ջիղերու ցանցերով: Այս զգայութիւնները մորթին մակերեսէն յատուկ ջիղերով կը փոխանցուին եւ կը հասնին ողնուղեղ (spinal cord), ուրկէ կը բարձրանան եւ կը հասնին ուղեղ: Այս ուղեւորութեան ընթացքին որեւէ արգելք պատճառ կրնայ հանդիսանալ անբնական զգայութիւններու եւ խանգարումներու զարգացման: Տեղային թմրութիւնը եւ ասղնտոցը այս անբնական զգացումներէն են: Արգելքերը կրնան գոյութիւն ունենալ ուղեղին, ողնուղեղին եւ անոնց ջիղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ մարմինի ծայրամասային ջիղերուն վրայ:
Տեղային թմրութիւնը եւ ասղնտոցը կրնան ըլլալ ժամանակաւոր-անցողակի կամ երկարատեւ-մնայուն: Ժամանակաւոր-անցողակի թմրութիւնը եւ ասղնտոցը անվնաս են եւ մտահոգիչ չեն: Իսկ երկարատեւ-մնայուն տարբերակները կրնան ըլլալ մտահոգիչ եւ լուրջ հարցի մը նախանշանը:
Տեղային թմրութեան եւ ասղնտոցի ախտապատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղային թմրութեան եւ ասղնտոցի հիմնական ախտապատճառները հետեւեալներն են.
Ա. Տեղային արեան անբաւարար մատակարարում (ischemia): Այս պատճառով տեղային հիւսկէնները եւ բջիջները թթուածինով բաւարար չափով չեն յագենար եւ հետեւաբար կը զարգացնեն տեղային թմրութիւն եւ ասղնտոց:
Տեղային արեան անբաւարարութեան պատճառներն են.
ա. Զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝
- Նստելու եւ քնանալու սխալ դիրք, ուր արեան անօթները ճնշումով կը խցուին. այս կը պատահի, երբ կը նստինք մէկ ծունկը միւս ծունկին վրայ դնելով եւ երբ կը քնանանք բազուկը գլուխէն բարձր պահելով եւ բազուկը պահելով կրծքավանդակին կամ բարձին տակը.
- Զարկերակներու արտաքին ճնշում, որ կը յառաջանայ զարկերակները շրջապատող լաւորակ եւ վատորակ ուռերով.
- Զարկերակներու արիւնախիցքաւորում (blood clotting), որ կը յառաջանայ արեան մէջ մաղձաճարպի հիւանդութեան (cholesterol) եւ շաքարախտի պատճառով.
- Խոր երակներու արիւնախցանում (deep vein thrombosis).
- Զարկերակային հանգոյցներ.
- Սառնահարութիւն-ցրտահարութիւն (frost bite).
- Յօդերու նեղացում՝ ոսկրայօդաբորբ (osteoarthritis) եւ յօդաբորբ (arthritis)։
բ. Սիրտի կաթուած եւ սիրտի զանազան հիւանդութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնան սիրտի պրկումով մղուած արեան (cardiac output) նուազումին.
գ. Արեան ենթաճնշում (hypotension).
դ. Սակաւարիւնութիւն-արեան տկարացում (anemia) եւ արեան ներկանիւթի (hemoglobin) նուազում.
ե. Երկար ժամանակ ոտքի մնալ:
Բ. Ծայրամասային ջիղերու վնասում: Անիկա կը յառաջացնէ ջիղերու տկարութիւն, հետեւաբար տեղային թմրութիւն ու ասղնտոց:
Ծայրամասային ջիղերու վնասը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններով եւ ախտաբանական երեւոյթներով.
ա. Ջիղերու արեան նուազ մատակարարում, որուն պատճառները շատ նման են զարկերակային խցումի պատճառներուն.
բ. Արտաքին հարուած վնաս.
գ. Արտաքին ճնշում, որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ազդակներով՝ լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, ոսկրաբորբ եւ յօդաբորբ, մկանաձգաններու բորբոքում (tendonitis), մկանաձգաններու ճնշում, օրինակ՝ դաստակափապուղային համախտանիշ (carpal tunnel syndrome), ուր դաստակի մկանաձգանները կը ճնշեն իրենց յատակը գտնուող ջիղերը.
դ. Շաքարախտի ջղախտ (diabetic neuropathy).
ե. B-12 կենսանիւթի անբաւարարութիւն-նուազում.
զ. Ծայրամասային ջիղերու թունաւորում՝ կապարի թունաւորում եւ ալքոլի թունաւորում՝ ալքոլի ջղախտ (alcohol neuropathy).
է. Այլ հիւանդութիւններ՝ սողնախտագօտի (herpes zoster), ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism), կրածինի (calcium), կալիումի (potassium), նատրիումի (sodium) անբնական չափ արեան մէջ. միջատներու խայթուածք:
Գ. Ուղեղի եւ ողնուղեղի ու անոնց ջիղերու վնասում: Անոնց վնասումով կը յառաջանայ ջիղերու տկարացում, հետեւաբար՝ տեղային թմրութիւն եւ ասղնտոց:
Ուղեղային վնասի ախտաբանական երեւոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուղեղային վնաս կը յառաջանայ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթներով՝ լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, ուղեղատապ (encephalitis) եւ անօթային անբնական հանգոյցներ եւ ուռեր:
Ողնուղեղային վնաս կը յառաջանայ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթներով՝ լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, ողնոսկրաթափութիւն-միջողնային սկաւառակի ճողուածք (herniated-dislocated disc), հիւծած միջողնային սկաւառակ (atrophic disc), ողնայարի ոսկրափխրում (osteoporosis) եւ ողնայարի յօդաբորբ եւ ոսկրայօդաբորբ:
Ուղեղային եւ ողնուղեղային վնասով յառաջացած տեղայնական թմրութեան եւ ասղնտոցին կ՛ուղեկցին այլ ախտանշաններ՝ համաձայն վնասի վայրին եւ տարողութեան: Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են այրուածքի զգացում, անձկութիւն, կռնակի եւ վիզի ցաւ, գլխացաւ, գլխապտոյտ, տեսողական տկարութիւն կամ կորուստ, խօսելու դժուարութիւն, շնչահեղձութիւն, գիտակցութեան կորուստ, մկանային պրկումներ, մկանային տկարութիւն եւ անդամալուծութիւն, յաճախամիզութիւն (frequent urination) եւ մէզի անպահութիւն (urinary incontinence):
Ժամանակաւոր եւ անցողակի թմրութեան եւ ասղնտոցի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս դիւրին է: Կարելի կ՛ըլլայ ախտաճանաչումը կատարել լսելով հիւանդին պատմականը, ապա որոշ թելադրութիւններ տալով անհետացնել տեղային թմրութիւնն ու ասղնտոցը:
Հետեւեալ թելադրութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ՝ երկար ժամանակ ոտքի չկանգնիլ, սրունքները իրարու վրայ դրած չնստիլ, բազուկները գլխէն վեր դիրքով չպառկիլ, բազուկները կրծքավանդակին կամ բարձին տակը դնելով չպառկիլ, սրունքները եւ բազուկները շարժել եւ մարձել։
Տեղային թմրութեան եւ ասղնտոցի ախտաճանաչումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մնայուն տեղային թմրութեան եւ ասղնտոցի ախտաճանաչումը կը կատարուի զանազան միջոցառումներով.
Ա. Լսել հիւանդին պատմականը.
Բ. Կատարել՝
ա. Բժշկական ընդհանուր մարմնական քննութիւն.
բ. Ջիղերու եւ մկաններու յատուկ զգացողական ելեկտրագրգռութեան քննութիւն (sensory irritability test).
գ. Անդրձայնային (ultrasound), մակնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT Scan) նկարահանումներ.
դ. Զարկերակային գունաւոր նկարահանում (angiography).
ե. Ողնայարի գօտկային ծակում (lumbar puncture) եւ ողնուղեղաջուրի (spinal fluid) քննութիւն.
զ. Ուղեղագրութիւն (encephalography)։
Մնայուն տեղային թմրութեան եւ ասղնտոցի դարմանումը կ՛ըլլայ թեթեւ պարագաներուն՝ պարզ ցաւաբեկ դեղերով, օրինակ՝ acetaminophen եւ նման դեղեր, իսկ զօրաւոր ցաւի պարագային, Morphine եւ codeine ցաւաբեկ դեղերով, B-12 կենսանիւթով եւ հիմնական հիւանդութիւնը դարմանելով:
Բժիշկին պէտք է դիմել, երբ տեղային թմրութիւնը եւ ասղնտոցը մնայուն են եւ անոնց կ՛ուղեկցի վերը յիշուած այլ ախտանշաններէն որեւէ մէկը:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բժիշկին Դ. Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011, էջ 107-109