Արկաթիակերտ
Մայրաքաղաք | |
---|---|
Արկաթիակերտ | |
Արկաթիակերտ կամ Կարկաթիոկերտ, Ծոփքի թագաւորութիւն մայրաքաղաքը։ Աշխարհագրական դիրքը վերջնականապէս ճշդուած չէ։ Ոմանք այն կը նոյնացնեն հետագայի Անգղ բերդի հետ (Չորրորդ Հայքի Անգեղտուն գաւառի գլխաւոր բերդը), ոմանք Զինթա ամրոցի, ոմանք՝ Խարբերդի, ոմանք՝ Ամիտ–Տիարպեքիրի, իսկ ոմանք ալ Տիգրանակերտ–Մարտիրոսապոլսոյ հետ։ Ասոնցմէ ամենահաւանականն այն վարկածն է, ըստ որու Կարկաթիոկերտը կը գտնուէր Անգեղտուն գաւառի Անգղ բերդի տեղը կամ անոր շրջակայքը։ Իսկ վերջինիս աւերակներն ինկած են Արեւմտեան Տիգրիս գետի վերին հոսանքէն ոչ հեռու, Ծովք լիճէն մօտ 4 քմ հեռաւորութեամբ, ստորին Արածանիի ձախ կողմը։
Անուան ստուգաբանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Հայաստանի այս քաղաքը Սթրապոնի մօտ կոչուած է Կարթասիոկերտ, այլ հեղինակներ կը յիշատակեն նաեւ Արկաթիոկերտ անունով։ Կոչուեր է նաեւ Եփիփանիա կամ Եպիփանիա։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարկաթիոկերտի հիմնադրման մասին գրաւոր յիշատակութիւններ չկան։ Սակայն անուղղակի աղբիւրներէն յայտնի դարձեր է, որ այն գոյութիւն ունեցեր է հնագոյն ժամանակներէն՝ Ք.ա. VIII—VII դարերէն, եւ մեծ վերելք ապրեր է հելլենիզմի դարաշրջանին, յատկապէս՝ Ք.ա. II—I դդ,: Ծոփաց թագաւորութեան ամենահին մայրաքաղաքն էր եւ կը գտնուէր հարաւային առեւտրական մեծ ճանապարհի վրայ, որ բանուկ էր դեռ Ք.ա. VII—VI դարերէն։ Հայաստանի հելլենիստական բազմամարդ ու ծաղկած քաղաքներէն էր։ Ք.ա. III դարուն վերջերը եւ II դարու սկիզբները դարձեր էր ներքին, արտաքին ու տարանցիկ առեւտուրի եւ արհեստագործութեան խոշոր կեդրոն։ Հայ–ասորական պատերազմի ժամանակ, Ք.ա. 165 թ. սելեւկեան Անտիոքոս 4–րդը, որ կը կրէր Եպիփանես մականունը, գրաւեր է Կարկաթիոկերտը եւ վերանուաներ իր մականունով՝ Եպիփանիա։
Կարկաթիոկերտի մասին, իբր Ծոփաց թագաւորութեան արքայանիստ քաղաքի, առաջին վկայութիւնը կը պատկանի Սթրապոնին։ Հայ պատմագիրները այս քաղաքի վերաբերեալ յիշատակութիւններ ամենեւին չունին եւ դժուար է ուրուագծել անոր հետագայ շրջանի պատմութիւնը։ Սակայն, նկատի ունենալով Հայաստանի հելլենիստական միւս քաղաքներու՝ Արմաւիրի, Արտաշատի, Երուանդաշատի, Զարիշատի, Զարեհաւանի եւ միւսներու պատմութեան ընթացքը, կարելի է չկասկածիլ, որ Կարկաթիոկերտը նոյնպէս անոնց նման IV—V դարերուն կորսնցուցեր էր իր նախկին փառքը՝ առաջնութեան դափնին զիջելով նոր առաջացած ֆէոտալական կամ աւատական, ճորտատիրական քաղաքներուն։ Հնարաւոր է նաեւ, որ Կարկաթիոկերտը ատոնցմէ քանի մը հարիւր տարի առաջ կորսնցուցեր էր իր նշանակութիւնը, վերածուելով ֆէոտալական դղեակի։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թ.Խ. Յակոբեան (1987)։ Պատմական Հայաստանի քաղաքները։ Երեւան։ «Հայաստան», էջ 160-161