Jump to content

Համազգային


1915-1923 թուականներուն Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու գործադրած հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական ալեկոծումներու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Միջին Արեւելքի երկիրները հանդիսացան գլխաւոր ապաստաններ:

Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւերժացման այս հարցը կը դրուէր մասնաւորաբար արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ: Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին եգիպտական, լիբանանեան եւ սուրիական քաղաքներու մէջ, կ’ապրէին համախումբ: Այս հայութիւնը արդէն կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք: Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր՝ միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կարողանային շարունակել իրենց կրթութիւնը: Անհրաժեշտ էր ճեմարան մը, որ ցանուցիր հայութեան կեանքին մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ Պոլսոյ Կեդրոնականը խաղացած էին:

Այս գործին իրականացման գլուխը կը կանգնէին Եգիպտոս ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Բժ. Համօ Օհանջանեանը, Գասպար Իփէկեանը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատուրեանը…: Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանը: Անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի մը հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:

Լեւոն Շանթ

Լ. Շանթ կ’առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան՝ Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ:

Լ. Շանթ իր առաջարկը Վ. Նաւասարդեանի հետ կը պարզէ Ն. Աղբալեանին:

Լաւ միտք է, սակայն փո՞ղը. դրամը գաղափար չունի. իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի. մեր մէջ նա, ով գաղափար ունի՝ դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի՝ նա դրամ ունի: Էդ հազար ոսկին դուք ո՞րտեղից պիտի առնէք, ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կը տայ»
- Լեւոն Շանթ


Վ. Նաւասարդեան Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով՝ Գահիրէի մէջ կ’աշխատին այս ծրագիրը ընդունիլ տալ Ստ. Եսայեանին եւ Բժ. Հ. Օհանջանեանին. երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքի մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր:

Լ. Շանթի առաջարկին կը յարին թէ՛ Ստ. Եսայեանը եւ թէ Բժ. Հ. Օհանջանեանը: Անոնց կը միանայ նաեւ Գ. Իփէկեանը: Ասոնց համաձայնութիւնը առնելէ ետք Գահիրէ կու գան Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան: Կը կատարուին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա հիմնադիր ժողովին կը մասնակցին, բացի վերոյիշեալներէն, Մինաս Խաչատուրեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Գուրգէն Մխիթարեան եւ Կարապետ Մալխասեան:

Նիկոլ Աղբալեան

Այս ժողովին մէջ երկու տեսակէտներ կը բախին իրարու: Լ. Շանթ, որուն միացած էր նաեւ Ն. Աղբալեան, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին միայն մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութեան մը վրայ՝ նիւթականի տագնապի պատճառով: Ընդհակառակը՝ Վ. Նաւասարդեան, Բժ. Համօ Օհանջանեան, Ս. Մալխասեան կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունէութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց ան պիտի ծաւալէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն: Ժողովը ի վերջոյ կ’ընդունի երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կը կնքուի «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»:

Նորաստեղծ ընկերութեան բանաձեւուած նպատակը ամբողջութեամբ պատրաստ էր արդէն 1928, 28 Մայիսին: Այդ օրը վերջին անգամ ըլլալով կը սրբագրուի կանոնագրութեան նախագիծը եւ կ’ընդունուի ամբողջութեամբ: Այդ օրուան նիստն ալ կը նկատուի նոր ընկերութեան հիմնադիր նիստը:

Ընկերութեան հիմնադիր ինը անդամներն էին՝ Բժ. Համօ Օհանջանեան, Ստեփան Եսայեան, Գասպար Իփէկեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան եւ Սարգիս Մալխասեան:

Ընկերութեան կանոնագրին առաջին կէտը յստակօրէն կը ճշդէր «Համազգային»ի նպատակը. «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»: Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը պիտի գործէր երեք ուղիներով.

  1. Նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ.
  2. Նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման.
  3. Մշակել հայագիտութիւնը.

Վարժարանի Հիմնում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջինը՝ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ամէնէն կարեւորն էր, ամէնէն ընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը: Պէտք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ. «եւրոպական քոլէճներու եւ լիսէներու համապատասխան»: Պէտք էր պատրաստել հայերէն լեզուով բոլոր նիւթերու դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն: Հայերէնի պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն: Պէտք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագիրները:

Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը, «Համազգային»ը կը ջանայ կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:

«Համազգային»ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար Ն. Աղբալեան 1928-ի ամրան կ’անցնի Սուրիա եւ Լիբանան, ուր կը կատարէ «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:

Նոյն նպատակով Լ. Շանթ կ’անցնի Ֆրանսա: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ Փարիզի մտաւորականութեան հետ եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսա, «Համազգային»ի մասնաճիւղեր կազմելու մասին:

1928-ի Մայիսէն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»ի համար կ’ըլլայ նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’ապահովէ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի աջակցութիւնը:

1930, Մարտ 3-ին կ’իրականանայ Համազգայինի երկրորդական վարժարան մը բանալու ծրագիրը. Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ Ճեմարանը: Հետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը, իր բարերարին յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կը կոչուի նոր բարերարներու անունով՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան:

Ճանչցուած Ընկերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ կը շարունակուի գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանի շուրջ եւ Պէյրութի մէջ, տրուած ըլլալով որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ կարելիութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ կը ճանչցուի իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:

Թատերական Շարժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:

1931-ին Գ. Իփէկեան մեծ յաջողութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրէր Լ. Շանթի «Օշին Պայլ»ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ կը ներկայացնէր իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»ը:

1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, ան կը նախաձեռնէ կազմութեանը «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան», որուն նպատակը պիտի ըլլար թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներու մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստին հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942-ին), ապա՝ Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ «Պէպէքս»ը (1943-ին, իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945-ին Լ. Շանթի «Կայսր»ը…:

1952-ին կը մահանայ Գ. Իփէկեան: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը յաւերժացնելու համար իր ղեկավարին յիշատակը՝ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւնը» կ’անուանէ «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ, որ ցարդ կը շարունակէ կոչուիլ նոյն անունով:

Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգիսեան, որ շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:

Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեան ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրով եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով մը՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը, համանուն բարերարին նուիրատուութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:

Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ Վարուժան Խտըշեանի եւ այնուհետեւ ուրիշներու:

1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը, որ հետագային կը կոչուի իր բարերարին ու գլխաւոր կազմակերպիչին անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սեթեան տպարան: Տպարանին շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ կ’օժտուի նաեւ սեփական գրախանութով:

1962-ի Յունուարէն ի վեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, կը հրատարակուի «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ 1990-ական թուականներու վերջերէն ի վեր կը հանդիսանայ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:

Հայագիտական աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վահէ Օշական

1970-ական թուականներուն, Լիբանանի թէ արտասահմանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ, զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած՝ Գարեգին եպս. Սարգիսեանէ (հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), Վահէ Սէթեանէ, Հրաչ Տասնապետեանէ, Շաւարշ Թորիկեանէ, Վահէ Օշականէ եւ Երուանդ Փամպուքեանէ:

Յիշեալ յանձնախումբին պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974-ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:

Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին անապահովութեան պատճառով:

1979-ին վերակազմուեցաւ հիմնարկին առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներու հունձք մը, որ ամբողջացուցած էր հիմնարկին քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:

2002-2003 կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը տուաւ իր 21-րդ հունձքը, շրջանաւարտներուն թիւը բարձրացնելով 146-ի:

1974-ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգին մէջ եղաւ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդուժ մը, որ այսօր կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, կը վարէ ազգային զանազան կառոյցներու տնօրէնութեան թէ գործավարութեան պաշտօնները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Հիմնարկը դադրեցաւ գործելէ:

Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-էն ի վեր Լիբանանի մէջ կը սկսի ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-էն ի վեր կը շարունակուի տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ:

Մարսէյ եւ Սիտնի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգայինի Մարսէյի կրթական կեդրոնը կեանք կ’առնէ 1980-ին՝ Կեդրոնական Վարչութեան, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանը 1986-ին Սիտնիի մէջ՝ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ:

Կրթական եւ Մշակութային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը, կը զարգանան տեղական մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, 1960-ական թուականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներուն հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր կը սկսին յառաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ տարածքին: Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը կանուխէն կը ծաւալի նաեւ Պարսկաստանի մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար կը յառաջացնեն շրջանային կառոյցներ:

1990-ի Օգոստոսին, Աթէնքի մէջ, կը գումարուի Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, ուր կ’որդեգրուի միութեան անուան ներկայ տարազումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ կը յառաջանայ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, 1994-ի Սեպտեմբերին կը գումարուի Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ 1998-ի Սեպտեմբերին, 2002-ի Մարտին եւ 2006-ի Ապրիլին տեղի կ’ունենան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:

Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ Պէյրութի գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր) եւ Երեւանի գրասենեակը: